logo
episode-header-image
May 2024
1h 16m

Յիշատակութեան արժանի հայ բժշկուհիներ պատ...

HOM ARS
About this episode

Կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան, Հինգշաբթի, 21 Մարտ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Յիշատակութեան արժանի հայ բժշկուհիներ պատմութեան ընթացքին» գիրքին շնորհանդէսը: Գիրքը ներկայացուց «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագրակազմի աշխատակից Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան, որ իր ներկայացումը սկսաւ ըսելով. «Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Յիշատակութեան արժանի հայ բժշկուհիներ պատմութեան ընթացքին» գիրքը լոյս տեսած է Մոնթրէալի մէջ, 2023-ին, մեկենասութեամբ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան: Բժիշկ Հարպոյեան գիրքը ձօնած է Գանատայի ՀՕՄ-ին, ինչպէս ինք կը յիշատակէ իր ներածականին մէջ՝ “Նկատի ունենալով, որ հատորը կը խօսի հայ իգական սեռի առաքելութեան եւ հայ բժշկուհիներու կատարած առողջապահական-բժշկական ծառայութիւններուն եւ հայ կեանքէն ներս անոնց ունեցած ազգային եւ հասարակական դերակատարութեան մասին”»:

Թիթիզեան յայտնեց, թէ «Գիրքը կը բաղկանայ 213 էջերէ, կողքին նկարը կը կազմեն գիրքին մէջ տեղ գտած 56 բժշկուհիներէն տասը հատին նկարները՝ իրարու կցուած: Գիրքը կը սկսի Ժամագիրքէն բժշկութեան աղօթքով: Բովանդակութենէն ետք կայ բժիշկին գրիչով ներածականը, ապա ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան խօսքը գիրքին հրատարակութեան առթիւ: Գիրքը կը բաժնուի երկու գլուխներու. առաջինը՝ Անուանի հայ բժշկուհիներ, իսկ երկրորդը՝ Աքսորեալ հայ բժշկուհիներ: Առաջինին մէջ ներառնուած են 43 բժշկուհիներ, իսկ երկրորդին՝ 13, որոնք տեղ գտած են գիրքին մէջ մականուններու այբբենական շարքով: Հարպոյեան կը յիշէ, թէ Այս հատորի պատրաստութեան մէջ մեծ դեր ունեցած է մտաւորական իր բարեկամը՝ Սարգիս Մահսէրէճեան»:Գիրքի ներկայացման ընթացքին սահիկներով նկարներու ցուցադրութեամբ, Թիթիզեան ժամանակագրական կարգով անդրադարձաւ գիրքին մէջ տեղ գտած կարգ մը ուշագրաւ բժկուհիներու կենսագրականին, կարգ մը իրագործումներուն եւ անոնց տարած հայրենանպաստ ու հայանպաստ գործունէութեանց, ան յիշեց Աղուիթա իշխանուհին, առաջին Հայ կին բանաստեղծը, երաժիշտը, երաժշտութեան ուսուցչուհին եւ հոգեբուժ Սահակդուխտը, Ռուբինեանց տոհմին առաջին թագաւոր Լեւոն Մեծագործի դուստր Զապէլ իշխանուհին եւ Կիլիկիոյ մայրաքաղաք Սիսի մէջ անոր կառուցած աշխարհի առաջին բարեգործական հիւանդանոցը, Օսմանեան կայսրութեան առաջին կին բժշկուհի Զարուհի Գաւալճեանը, յեղափոխական գործիչ Համօ Օհանջանեանի կինը՝ Ռուբինա Օհանջանեանը, որ կատարած էր Սուլթան Ապտիւլ Համիտի մահափորձը, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ներքին գործերու նախարար Արամ Մանուկեանի կինը՝ բժշկուհի Կատարինա Զալեանը, ազգային գործիչ Վահան Փափազեանի (Կոմս) կինը Հեղուշ Փափազեան, որուն անունով անուանակոչուած է Լեռնալիբանանի Ռաուտա շրջանի ԼՕԽ-ի մասնաճիւղը, Քարոլան Աբրահամեան Նաճարեանը, որ իր ամուսնոյն հետ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին նուիրած է երկու շէնք, եւ որ անոնցմէ մէկը կոչուած է տէր եւ տիկին Նաճարեաններու անունով: Ապա գիրքին երկրորդ մասէն յիշեց աքսորեալ բժշկուհիներ Հայկանդուխտ Պահլաւունին, Վահանդուխտ Կանայեանը եւ Մարօ Մուրատեանը, որոնք «Հայաստանի մէջ, խորհրդային տարիներուն,- կ’ըսէ բժիշկ Հարպոյեան իր Ներածականին մէջ,- ենթարկուած են բռնադատումներու, վարկաբեկումի, ձերբակալումի, բանտարկութեան եւ աքսորի: … Դատապարտուած եւ աքսորուած բժշկուհիները «վայելած են» սիպերեան աքսորի դաժան կեանքը, ենթարկուած են հոգեկան, մարմնական եւ մտային ճնշումներու եւ ստրկութեան: Սակայն բոլորն ալ, իրենց տոկունութեամբ, Նոյի համբերութեամբ եւ հայ կնոջ վայել պատուախնդրութեամբ ու հայրենասիրական ոգիով, դիմագրաւած են աքսորի դժոխային պայմանները, պայքարած են յարատեւ, եղած են իրապաշտ եւ լաւատես ու սպասած են արդարութեան լուսաբացին: Անոնցմէ շատեր աքսորի մէջ ուսանած են, իբրեւ բժիշկ ծառայած են մարդկութեան համաձայն իրենց տուած Հիփոկրատեան ուխտին: Ազատագրուելէ եւ Հայաստան վերադառնալէ ետք, անոնք շարունակած են իրենց բժշկական-առողջապահական ծառայութիւնը ի սպաս դնել Հայ ժողովուրդի առողջապահութեան, հիւանդ հայ մարդուն ցաւը փարատելու եւ հիւանդ հայը բուժելու»:

Սուրբ Յակոբ: Աւարտին տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն: Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան «Հորիզոն»


Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.

Up next
Mar 2025
Ի՞նչ կ՛ըսեն ՀՕՄ-ի մասին: What do they say about ARS?
Ի՞նչ կ՛ըսեն ՀՕՄ-ի մասին: What do they say about ARS? Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information. 
3m 22s
Feb 2025
ընկհ.Լալէ Մաճիկեան կը խօսի կամաւոր աշխատանքի կարեւորութեան մասին
Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information. 
15m 20s
Jan 2025
Խորհրդածութիւններ ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանի 35-ամեակի առթիւ
Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information. 
11m 20s
Recommended Episodes
Sep 2022
արեւմտահայերեն - "Երկու ճանապարհ". mp3 / mp3."الأرمينية الغربية - "الطريقان
‏Armenian Western - "The Two Roads".mp3 ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 1ԿԵԱՆՔԻՆ ԲԱՆԸ1. Սկիզբէն էր Բանը ու Բանը Աստուծոյ քով էր եւ Բանը Աստուած էր։  2. Անիկա սկիզբէն Աստուծոյ քովն էր։  3. Ամէն բան անով եղաւ եւ առանց անոր բան մը չեղաւ՝ ինչ որ եղաւ։  4. Կեանքը անով էր ու կեանքը մարդոց լոյսն էր  5. եւ լո ... Show More
1m 29s
Aug 2021
Episode 21: արեւմտահայերեն - «Երկու ճանապարհ» .mp3 / Armenian Western - "The Two Roads".mp3
‏  الأرمينية الغربية - "الطريقان" / מערב ארמני - "שני הדרכים" .mp3 ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 1ԿԵԱՆՔԻՆ ԲԱՆԸ1. Սկիզբէն էր Բանը ու Բանը Աստուծոյ քով էր եւ Բանը Աստուած էր։  2. Անիկա սկիզբէն Աստուծոյ քովն էր։  3. Ամէն բան անով եղաւ եւ առանց անոր բան մը չեղաւ՝ ինչ որ եղաւ։  4. Կեանքը անով էր ու կեանք ... Show More
1m 29s
Aug 2023
Բաղնիք - Ուիլիըմ Սարոյեան | The Bathroom by William Saroyan
From a collection of short stories called ԹՈՒԹԱ՞Կ ԵՍ, ԾՕ'... Author: Ուիլիըմ Սարոյեան Publisher: Արաս Հրատարակչութիւն Aras Yayıncılık Թարգմանիչ՝ Յովհաննէս Շէօհմելեան Վերստուգող՝ Հրակ Փափազեան Սրբագրիչ՝ Սեւան Տէյիրմենճեան Կողքը պատրաստող՝ Արէտ Կըճըր Տպագրութիւն Սենա Օֆսեթ Ատպագրու ... Show More
13m 7s
Feb 2024
“With the strengthening of community-Armenia ties we will be able to slow down the process of assimilation” - “Համայնք - հայրենիք կապերու ամրապնդմամբ կարող ենք դանդաղեցնել ձուլումի գործընթացը”
Interview with Mr Zareh Sinanyan, High Commissioner for Diaspora Affairs, about his visit to Australia. - Հարցազրոյց ՀՀ Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատար Պարոն Զարեհ Սինանեանի հետ Աւստրալիա իր այցելութեան առիթով: 
15m 41s
Mar 2024
No Easter eggs, just worries for struggling families - Ս Զատկուայ նախօրեակին, միայն մտահոգութիւններ դժուարութեան մէջ գտնուող ընտանիքներուն համար
While many Australians are gearing up for a break over the Easter Long weekend, food relief charities are preparing for their busiest day of the year. The eve of Good Friday 2023 saw record numbers of households relying on Foodbank and Second Bite. And those numbers appear to be ... Show More
5m 53s
May 2022
Songs of Solomon: To remember and appreciate the history - Սողոմոնի Երգերը. Վերյիշել և ճանչնալ պատմութիւնը
Interview with actor and producer Arman Nshanian. Some of the topics of the interview include: his career as an actor, singer and film director. The film Songs of Solomon and the Armenian Film Festival Australia. - Հարցազրոյց ռեժիսոր և դերասան Արման Նշանեանի հետ: Հարցազրոյցի գլխա ... Show More
19m 15s
Apr 2022
”ኢሳያስ ንምንታይ ናብ መስርዕ ጨቆንትን ዲክታተርን ክኣቱ ተቓሊሱ፧ ርእሶም ሃይለ ይኹን ኣነ መልሲ የብልናን።” ዶ/ር ስተፋኒ ስተጋል ጸሓፊት ፡The Eritrean Letter Writers
ኣውስትራሊያዊት ጸሓፊት ፕሮፌሰር ስተፈን ስተጋል ድማ ኣብ 2021 ብዛዕባ’ቶም ኣብ 3 ጥቅምቲ 2000ዓ/ም ንፕረሲደንት ኤርትራ ብዛዕባ እቲ ብምኽንያት ዶብ ኣብ መንጎ ኤርትራን ኢትዮጵያን ዝተገብረ ኲናት ኣተሓሕዛኡን ተሓታትነት ክህሉን ዝብሉን ካልእን ዝሓዘ ደብዳበ ጽሒፎም ዘረከቡ ብልሙድ ጉጅለ 13 ወይ ጂ13 ተባሂሎም ዝፍለጡ 13 ሰብ ሞያን ምሁራንን ዝምልከት መጽሓፍ ጽሒፋ ኣላ። ገለ ካብቶም ነቲ ደብዳበ ጽሒፎም ንፕረሲደንት ኢሳያስ ዘቕረ ... Show More
11m 43s
May 2023
“Australia is missing an important part of its history” - “Աւստրալիոյ կը պակսի իր պատմութեան կարեւոր մէկ մասը"
Interview with Dr. Themistocles Kritikakos, a Greek -Australian historian and the keynote guest speaker for this year's Greek Genocide Commemoration event in Sydney. The main topic of the interview is his PhD thesis on the inter-generational memory and the genocide recognition ef ... Show More
10m 35s