SBS Հայերէնի հիմնադրութեան 50-ամեակին առթիւ, կը ձայնասփռենք հաղորդում մը եւս մեր դիւանէն: Այս հարցազրոյցը ծիրանափողի (տուտուք) վարպետ Ճիւան Գասպարեանի (1928–2021) հետ է, ձայնագրուած 2001-ին Womadelaide փառատօնի ընթացքին, ուր հրաւիրուած էր ելոյթ ունենալու համար: